2015-09-25 15:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապի ՄԱԿ-ի պաշտօնեաներուն հետ հանդիպումը` գործեցէք խաղաղութեամբ եւ արդարութեամբ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ` 25 սեպտեմբերի առաւօտեան` ԱՄՆ կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այցելեց Նիւ Եորքի ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղին ու այցելութեան ծիրէն ներս  հանդիպում ունեցաւ ՄԱԿ-ի պաշտօնեաներուն ու աշխատակազմին հետ ու այս առթիւ անոնց ուղղած ողջոյնի խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց իրեն վերապահած ընդունելութեան եւ խնդրեց որ իր ողջոյնը փոխանցեն նաեւ իրենց ընտանեկան պարագաներուն։

Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց ապա պաշտօնեաներու տածած լռելեան աշխատանքին ու անոնց առօրեայ յանձնառումին, դիւանագիտական, մշակութային, տնտեսական մարզէն ներս ի սպաս ժողովուրդներուն որոնք կը կազմեն Մարդկային Ընտանիքը։

Ձեզմէ շատեր այստեղ ժամանած են աշխարհի զանազան վայրերէն եւ նման աշխարհի բազմաթիւ անհատներուն, դուք եւս մտահոգուած էք ձեր զաւակներու դաստիարակութեամբ ու անոնց առողջութեամբ։ Ձեզ կը մտահոգէ նաեւ կենսոլորտի ապագան եւ թէ Ի՞նչ տեսակ աշխարհ մը պիտի թողունք մեր զաւակներուն։ Այսօր ու ամէն օր ձեզմէ կ՛ուզէի խնդրել, ամէն մին իր կարողութեան համաձայն, մէկը միւսին հոգալ, մէկը միւսը յարգելով որպէսզի իւրացնէք այս կազմակերպութեան իտէալը ` որ է միացած մարդկային ընտանիքի իտէալ, որ կ՛ապրի ներդաշնակութեամբ ու կ՛աշխատի ոչ միայն խաղաղութեան համար այլեւ խաղութեան մէջ, ու կը գործէ ոչ միայն արդարութեան համար այլեւ արդարութեան հոգիով։

Սիրելի բարեկամներ, ըսաւ ապա Քահանայապետը իր խօսքին աւարտին, սրտանց կ՛օրհնեմ ձեզմէ ամէն մին։ Պիտի աղօթեմ ձեզի ու ձեր ընտանիքներուն համար ու ձեզմէ ամէն մէկէն կը խնդրեմ  որ զիս յիշէ իր աղօթքներուն մէջ։ Եւ եթէ կան ոմանք որոնք հաւատացեալ չեն կը խնդրեմ որ ինծի մաղթեն ամէն բարիք։ Աստուած օրհնէ բոլորդ։








All the contents on this site are copyrighted ©.